ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ԱՄԻՍՆԵՐԸ

Ժամանակին այրի կին մը կար, որ ունէր երկու դուստր՝ Մարիա,
որ իր հարազատ աղջիկն էր, եւ Մեղրի, որ ամուսինին առաջին կինէն
էր։ Ան կ’ատէր Մեղրին, որովհետեւ Մարիայէն շատ աւելի գեղեցիկ էր։
Անոր կը յանձնէր տան ամէնէն դժուար գործերը։ Մեղրի տունը կը
մաքրէր, ճաշ կ’եփէր, լուացք կ’ընէր, կը հիւսէր, կը կարէր եւ կովը կը
կթէր։ Ան այս բոլորը կ’ընէր անտրտունջ, իսկ Մարիա ոչինչ կ’ընէր բացի հագուիլ- շքուելէ եւ պտըտելէ։ Մեղրին բնաւ չէր գանգատեր եւ խորթ մօր յանդիմանութիւններն ու վատ վերաբերմունքը կը հանդուրժէր համբերութեամբ ու ժպիտով։ Հակառակ այս բոլորին այրի կինը կ’որոշէ ձերբազատուիլ Մեղրիէն,
որովհետեւ գիտէր, թէ իր տգեղ աղջիկը գեղեցիկ Մեղրիին
ներկայութեան, ամուսնութեան առաջարկներ պիտի չունենար։
Ձմեռնային ցուրտ օր մը, մայրը կը կանչէ Մեղրին ու կ’ըսէ.
-Պէտք է լեռ երթաս ու ինծի թարմ մանիշակ բերես, որպէսզի հագուստս
զարդարեմ։Մեղրի կը պատասխանէ.

  • Ո՞վ լսած է, որ ձմեռ ատեն մանիշակ ծաղկի։
    -Ինչպէ՞ս կը համարձակիս չհնազանդիլ ինծի,- կը բարկանայ մայրը,- ո՛չ
    մէկ խօսք կ’ընդունիմ։ Գնա՛ եւ առանց մանիշակի մի՛ վերադառնար։
    Մեղրի լալով եւ ցուրտէն սարսռալով կ’ուղղուի դէպի լեռ։ Յանկարծ
    հեռուն՝ լեռան գագաթը կրակի լոյս մը կը տեսնէ։ Քիչ մը տաքնալու
    յոյսով կ’ուղղուի դէպի բոցը եւ կը տեսնէ տասներկու տարօրինակ
    արարածներ՝ նստած խարոյկի մը շուրջ։ Առաջին երեքը ալեհեր* էին,
    յաջորդ երեքը միջին տարիքի էին, միւս երեքը երիտասարդ էին, իսկ
    վերջին երեքը՝ պատանի։ Անոնք տարուան տասներկու ամիսներն էին։
    Մեղրի նախ կը վախնայ, սակայն քիչ ետք կը մօտենայ ու կ’ըսէ.
    -Կրնա՞մ քիչ մը տաքնալ ձեր խարոյկին շուրջ, ցուրտէն կը սառիմ։
    Առաջինը,որ Յունուարն էր, կ’ըսէ.
    -Աղջի՛կս, այս ցուրտին ինչո՞ւ հոս եկեր ես, ի՞նչ կը փնտռես։
    Մեղրի կը պատասխանէ.
    -Մանիշակներ կը փնտռեմ. գիտեմ, որ անոնց եղանակը չէ, բայց խորթ
    մայրս ստիպեց, որ անպայման մանիշակներ տանիմ իրեն, այլապէս այս
    օդին տուն պիտի չընդունի զիս, որ ցուրտէն սառիմ։
    Այս լսելով Յունուարը տեղէն կ’ելլէ եւ Մարտին կը հրահանգէ, որ
    իր տեղը անցնի։ Մարտը կը հնազանդի եւ անմիջապէս գարուն կու գայ։
    Ձիւները կը սկսին հալիլ, ծառերը տերեւ կը հագնին եւ մանիշակները կը
    ծաղկին։ Մեղրի արագօրէն կը քաղէ զանոնք եւ շնորհակալութիւն
    յայտնելով կը վերադառնայ տուն։
    Խորթ մայրն ու Մարիան ապշած կը նային մանիշակներուն եւ կը
    հարցնեն, թէ ուրկէ՞ գտաւ զանոնք։ Մեղրի կը բացատրէ, թէ լեռներուն
    կողմը, ծառերուն տակէն հաւաքեց։
    Յաջորդ օրը Մարիան եւ խորթ մայրը ելակ կ’ուզեն Մեղրիէն։
    Մեղրի կը բողոքէ, բայց ստիպուած դարձեալ կ’ուղղուի դէպի լեռան
    գագաթը։ Այս անգամ Յունուարը իր տեղը կու տայ Յունիսին եւ ամառ
    կու գայ։ Ելակները կը հասուննան եւ Մեղրի զանոնք հաւաքելով եւ
    շնորհակալութիւն յայտնելով կը վերադառնայ տուն։ Մարիան ու մայրը
    դարձեալ կ’ապշին ի տես հասուն ու համեղ ելակներուն, սակայն չեն
    գոհանար եւ այս անգամ կարմիր ու հասուն խնձորներ կ’ուզեն։ Մեղրի
    դարձեալ կ’ուղղուի դէպի լեռ. Յունուարը նորէն կ’ընդառաջէ Մեղրիին
    խնդրանքին եւ իր տեղը կու տայ Սեպտեմբերին. աշուն կու գայ եւ
    խնձորները կը հասուննան ու Մեղրի զանոնք հաւաքելով կը
    վերադառնայ տուն՝ դարձեալ մեծ զարմանք պատճառելով Մարիային ու
    խորթ մօր։ Մարիա կը նախանձի Մեղրիին բախտէն եւ կ’որոշէ ինք եւս երթալ
    խնձոր քաղելու։ Հակառակ մօր ընդդիմութեան, Մարիա վերարկուն կը
    հագնի եւ կ’ուղղուի դէպի լեռան գագաթը, ուր կը տեսնէ տասներկու
    ամիսները։ Յունուարը կը հարցնէ, թէ ո՞վ է եւ ի՞նչ կը փնտռէ, սակայն
    Մարիա գոռոզութեամբ «քեզի ի՞նչ» կը պատասխանէ եւ դէպի անտառ
    կը յառաջանայ։ Յունուարը կը բարկանայ, յօնքերը կը պռստէ եւ թեւերը
    աջ ու ձախ կը շարժէ, որուն պատճառով քամին կը զօրանայ, փոթորիկ
    կը յառաջանայ եւ կը սկսի առատօրէն ձիւնել։ Մարիա ցուրտէն կը սառի։
    Մայրը երկար սպասելէ ետք, ճամբայ կ’ելլէ աղջիկը փնտռելու։ Երկա՜ր
    կը թափառի, սակայն չի կրնար գտնել աղջիկը եւ ինք եւս ցուրտէն կը
    սառի։ Մեղրի երկար կը սպասէ խորթ մօր ու քրոջ, սակայն ոչ մէկը կը
    վերադառնայ։ Մեղրի կը ժառանգէ իր հօրենական հարազատ տունն ու
    կովը եւ որոշ ժամանակ մը ետք պարկեշտ հողագործի մը հետ
    ամուսնանալով երջանիկ կ’ապրի։

Թողնել մեկնաբանություն